Արսէն-Նուպար Մամուրեան4;gyrmcc%2349ad_lomm.Aa s TL

Արսէն-Նուպար Մամուրեան
Ծնած է 1941
Ծննդավայր Աղեքսանտրիա, Եգիպտոս

Արմէն-Նուպար Մամուրեան (ծ. 1941, Աղեքսանտրիա

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եգիպտոս վկայուած է տեղւոյն Համալսարանին Քիմիաբանութեան ճիւղէն, Գիտութեան Պսակաւորի կիկղոսով։ Պաշտօնաւարած է Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգ. Վարժարանին մէջ, դասաւանդելով - գիտութիւն եւ ուսողութիւն բարձրագոյն կարգերուն։

Մոնթրէալ հաստատուելէ ետք երկար տարիներ պաշտօնավարած է քաղաքին մետաղագործական ճարտարարուեստի մեծագոյն հաստատութիւններէն մէկուն մէջ։ Հետեւած է Մոնթրէալի Գոնգորիա Համալսարանի գրական ճիւղի դասընթացքներուն եւ արժանացած՝ Պսակաւոր Արուեստի տիտղոսին, ստեղծագործական գրականութեան մէջ։

1975-ին խումբ մը համախոհներու հետ, հիմնադիրներէն եղած է Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութեան «ապագայ» շաբաթաթերթին, որուն խմբագրութիւնը վարած է սկզբնական տարիներուն սիրայօժար կերպով, աշխատանքի ժամերէն դուրս։ 1985-ին ամբողջապէս նուիրուած է հրապարակագրութեան եւ գրականութեան, ստանձնելով «Ապագայ»ի խմբագրութիւնըճ:

Համայնքային բեղուն գործունէութիւն ունեցած է կանուխէն, սկսեալ Աղեքսանդրիայէն, որպէս վարչական անդամ՝ Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութեան Ուսանողական Մարմնին:

Ցուցաբերած է նաեւ բեմական կարողութիւններ, արտասանութիւններով եւ դերեր վերցնելով թատերախումբերուն մէջ: Իր գործունէութիւնը այդ բնագաւառներուն մէջ շարունակուած է նաեւ Մոնթրէալ, գործօն մասնակցութիւն բերելով Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Մոնթրէալի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, ու Թ.Մ.Մ. «Հայ Բեմ» թատերախումբին:

Գրած է պատմուածքներ որոնք լոյս տեսած են Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի գրական-գեղարուեստական էջերուն մէջ։ Հրատարակած է ՌԱԿ-ի Ազգնուէր Ծառայութեան 60 տարիները գրքոյկը։ Իսկ Դոկտ. Յակոբ Խաչիկեանի հետ գործակցաբար անգլերէնի թարգմանած է բանաստեղծ Զարեհ խրախունիի քերթուածներէն հատընտիր մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 732-733։